2014-07-17 09:28:23

Քահանայապետը Քորէայի մէջ` պաշտօնական կայքը։


Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հարաւային Քորէայի կատարելիք ճամբորդութեան պաշտօնական կայքը հետեւեալ հասցէով` http://popekorea.catholic.or.kr/։
Նորին Սրբութիւնը Հարաւային Քորէա պիտի այցելէ յառաջիկայ 14 – 18 օգոստոս, Ասիայի երիտասարդութեան ցամաքամասային 6-րդ հաւաքի առթիւ։ Վերոյիշեալ կայքը հրատարակուած է երկու լեզուներով անգլերէն եւ քորէերէն։
Կայքին մէջ պարունակուած են առաքելական ճամբորդութեան մասին բազմաթիւ տեղեկութիւններ` ձեռնարկներու, աղօթքներու ու ծիսակատարութիւններու մասին, որոնց շարքին նշենք Քորէացի 124 նահատակներու երանացման արարողութիւնը եւ Ասիաի երիտասարադաց օրուան ''հաշտութեան եւ խաղաղութեան'' եզրափակիչ պատարագը ։
Յայտնենք որ հարաւային Քորէայի այցը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի միջազգային երրորդ ճամբորդութիւնը` առաջինը` անցեալ տարի` Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաք, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ իսկ երկրորդը` 2014-ի մայիսին` Սուրբ Երկիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.